Շաբաթ եւ Կիրակի, 27-28 Սեպտեմբեր 2025-ին, Առաջնորդարանի յարկին ներքոյ ի Քէօլն, տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի հերթական Թեմական-Պատգամաւորական Ժողովը (ԹՊԺ)` նախագահութեամբ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս․ Իսախանեանի, ատենապետութեամբ Փրոֆ. Տոքթ. Խաչիկ Կազէրի եւ ատենադպրութեամբ Տոքթ․ Մարգարիտ Ասոյեան-Լինքի: Ժողովին ներկայ էին Թեմի հոգեւորականաց դասը, թեմական 16 համայնքներու վարչութեանց ատենապետներ, ընտրեալ պատգամաւորներ՝ շուրջ 55 անձեր, որոնցմէ 45-ը քուէի իրաւունքով։
ԹՊԺ-ի նիստերը սկսելէ առաջ, Թեմակալ առաջնորդ Սերովբէ սրբազան ներկաներուն յիշեցուց, որ 27 Սեպտեմբերը Ազէրբայճանի կողմէ Արցախ/Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի 5-րդ տարելիցն է եւ հոգեհանգստեան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած հայոց նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Սերովբէ սրբազան աղօթեց նաեւ անցեալ նոյեմբերին վախճանուած Թեմիս նախկին առաջնորդ, երջանկայիշատակ Տ․ Գարեգին արքեպս․ Պեքճեանի, ինչպէս նաեւ Քէօլնի Հայ Համայնքի երկար տարիներու ատենապետուհի տիկին Մինու Նիքբայի հոգիներու խաղաղութեան համար։
ԹՊԺ-ի երկօրեայ նիստերու օրակարգին վրայ էին թեմական գործունէութեան տեղեկագրութիւնը եւ նիւթական հաշուետւութիւնը, թեմական եւ համայնքային զանազան հարցեր, թեմական աշխատանքային խումբերու գործունէութիւն եւ այլն։
Թեմական հարցեր․
Առաջնորդ Սերովբէ սրբազան PowerPoint-ի միջոցով մանրամասն ներկայացրեց Թեմի 2024 գործունէութեան տեղեկագրութիւնը։ Իսկ Թեմական Խորհուրդի գանձապահ պարոն Արթին Սիմոնեան ներկայացուց Թեմի 2024-ի նիւթական մանրամասն հաշուետւութիւնը` նոյնպէս PowerPoint-ի միջոցով։ Սերովբէ սրբազան եւ Արթին Սիմոնեան պատասխանեցին նաեւ ներկաներուն հարցերուն։
Այնուհետեւ Թեմական Խորհուրդը ներկայացուց առաջարկ՝ 1 Յունուար 2026-էն սկսեալ կատարել թեմական անդամավճարին նուազագոյն չափի յաւելում։ Երկար եւ մանրազնին քննարկումներու արդիւնքով որոշուեցաւ՝ 1 Յունուար 2026-էն նոր անդամագրուողներուն համար սահմանել հետեւեալ անդամավճարները․ ամսական 15 եւրօ՝ աշխատողներուն համար եւ ամսական 8 եւրօ՝ չաշխատողներուն համար։ Նոյն թուականէն սկսեալ նոր անդամներու վճարած անդամավճարներուն 25 %-ը պիտի փոխանցուի տուեալ անդամին համար իրաւասու համայնքին։
Համայնքային հարցեր․
Ապա PowerPoint-ի միջոցով ներկայացուեցան բոլոր համայնքներու նիւթական հաշուետւութիւնները, իսկ հոգեւոր հովիւներն ու համայնքային ներկայացուցիչներ կարճ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իւրաքանչիւր համայնքի 2024-ի գործունէութեան վերաբերեալ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Քէօլնի առաջնորդանիստ «Սբ․ Սահակ-Սբ․ Մեսրոպ» եւ Կէօփինկէնի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցիներու հիմնանորգութիւններու ընթացքին։
Եկեղեցական-Ներկայացուցչական Ժողովի պատգամաւորներու ընտրութիւն
ԹՊԺ-ի օրակարգը կը ներառէր նաեւ գալ տարի Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուելիք Եկեղեցական-Ներկայացուցչական Ժողովին (ԵՆԺ) համար Գերմանիոյ Հայոց Թեմի երկու պատգամաւորներու ընտրութեան հարցը, որոնք Թեմակալ առաջնորդին հետ միասին պիտի ներկայացնեն մեր Թեմը։ Առաջարկուած վեց թեկնածուներու մէջէն փակ/գաղտնի քուէարկութեամբ ԵՆԺ-ի պատգամաւորներ ընտրուեցան․
Տ․ Տիրատուր քահանայ Սարդարեան (պատգամաւոր)
Փրոֆ․ Տոքթ․ Խաչիկ Կազէր (պատգամաւոր)
Փրոֆ․ Տոքթ․Արմենուհի Դրոստ-Աբգարեան (անձնափոխանորդ)։
Թեմակալ Առաջնորդի հաստատում
Գերմանիոյ Հայոց Թեմի թեմական կանոնադրութիւնը (գլուխ 9 ) կը նախատեսէ,որպէսզի Թեմական-Պատգամաւորական Ժողովը եօթ տարին անգամ մը կատարէ Թեմակալ առաջնորդի հաստատում՝ պաշտօնավարման յաջորդող եօթ տարիներու համար։ Տրուած ըլլալով, որ Գերաշնորհ Սերովբե եպիսկոպոս Իսախանեանի առաջնորդական պաշտօնավարութեան եօթ տարիներու պաշտօնաշրջանը հասած էր իր աւարտին, ըստ կանոնադրութեան նախատեսումներու ԹՊԺ-ի օրակարգը կը ներառէր նաեւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Թեմակալ առաջնորդի առաջնորդական պաշտօնավարութեան հաստատումը՝ յաջորդող եօթ տարիներու պաշտօնաշրջանի համար։ Տեղի ունեցաւ փակ/գաղտնի քուէարկութիւն, որուն արդիւնքներով (կողմ՝ 33, դէմ՝ 6, ձեռնպահ՝ 2)
Գերաշնորհ Տ. ?????????????????????
վերահաստատուեցաւ առաջնորդական իր պաշտօնին մէջ՝ յաջորդող եօթը տարիներու համար։ Ընտրութեան արդիւնքները փոխանցուեցան Մայր Աթոռ Սբ․ Էջմիածին՝ Վեհափառ Հայրապետի վաւերացման։
*
Կիրակի, 28 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան հօր գլխաւորութեամբ հոգեւորական ու աշխարհական նախ խմբուեցան առաջնորդանիստ «Սբ․ Սահակ-Սբ․ Մեսրոպ» եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Արեւագալի հոգեպարար ժամերգութիւն, որուն աւարտին արժանապատիւ Տ․ Տիրատուր քահանայ Սարդարեան կարճ հոգեւոր ուղերձ ուղղեց ներկաներուն։
Աշխատանքային խումբերու գործունէութիւն․
Ապա ԹՊԺ-ը շարունակեց իր աշխատանքները։ Կիրակի օրուան երկու նիստերն ալ նուիրուեցան Թեմական Աշխատանքային խումբերուն (1. Հաւատք եւ Էքումենիզմ, 2. Տիաքօնիա, 3. Կրթութիւն, 4. Արուեստ եւ Մշակոյթ, 5. Կառավարչութիւն, 6. Ֆինանսական)։ Իւրաքանչիւր աշխատանքային խումբին համար ներկայացուեցաւ եւ հաստատուեցաւ գործելակարգը, որուն համաձայն իւրաքանչիւր խումբ պիտի ունենայ 3 կամ 4 անդամ։ Ճշտուեցան անդամները, եւ խումբերու մէջ տեղի ունեցան քննարկումներ, որոնք պիտի շարունակուին նաեւ հեռավար կերպով։ Մինչեւ 2026-ի Յունուար ամսուան վերջը վերջնարդիւնքները պիտի ներկայացուին Թեմական Խորհուրդին՝ ի տնօրինութիւն։
2025-ի հերթական ԹՊԺ-ն եզրափակուեցաւ Դիւանի ատենապետ Տոքթ․ Խաչիկ Կազէրի փակման խօսքով, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պատգամաւորներուն՝ իրենց ներկայութեան եւ համագործակցութեան համար, յաջողութիւն մաղթեց աշխատանքային խումբերուն, ապա խօսքը փոխանցեց Թեմակալ առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Սերովբէ Եպիսկոպոս Իսախանեանին։ Առաջնորդ Սրբազան հօր օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով իր աւարտին հասաւ Թեմական-Պատգամաւորական Ժողովը։
Դիւան Առաջնորդարանի
Fotos: Edmond Haghnazarian & Kanzlei der Diözese